Vahram Torgomyan
Quick Facts
Biography
Վահրամ Թորգոմեան (1858 - 1942), հայ բժիշկ, բանասեր։
Ծնած է Կ. Պոլիս։ Մասնագիտական կրթութիւնն ստացած է Փարիզի մէջ։ 1884-ին աւարտած է համալսարանը, վերադարձած է ծննդավայր եւ իր բժշկական գործունէութեան զուգընթաց մասնակցած է հասարակական, մշակութային կեանքին։
1880-ականներու վերջերը հրատարակեր է գրքոյկներ, գերազանցապէս դպրոցական բժշկութեան հետ կապուած հարցերու մասին։ Մամուլի մէջ հանդէս եկեր է բանասիրական յօդուածներով։ Մօտ երեք հատորանոց ընդարձակ եւ հմտալից ծանօթագրութիւններով հրատարակեր է Երեմիա Չելեպիի «Պատմութիւն Ստամպոլա» չափածոյ երկը, որուն Ա հատորը լոյս տեսեր է Վիեննայի մէջ 1913-ին, իսկ Բ եւ Գ հատորները Մեծ եղեռնից հետո՝ դարձեալ Վիեննայի մէջ։ Դեռեւս 90-ականներէն պարբերական մամուլին մէջ, յատկապէս Վիեննայի «Հանդէս ամսօրեայ»ի մէջ լոյս ընծայած է բազմաթիւ հետազօտութիւններ հայ բժշկութեան առանձին հարցերու եւ հայ հին բժիշկներու մասին։ Թուրքիոյ մէջ քեմալական շարժման յաղթանակէն յետոյ մեկնած է Փարիզ, շարունակելու բանասիրական բեղմնաւոր աշխատանքը։ Ուսումնասիրեր է Վենետիկի Մխիթարեաններու հարուստ մատենադարանը, Փարիզի Ազգային մատենադարանի բժշկական ձեռագրերը եւ «Բազմավեպին մէջ» հրատարակել մի ընդարձակ յօդուածաշարը։ Իր երկարամեայ բանասիրական գործունէութեան ընթացքին տպագրեր է շուրջ հարիւր աշխատութիւն, որոնք փաստական հարուստ նիւթ կը պարունակեն հասարակական մտքի պատմութեան վերաբերող։ Կ. Պոլսոյ մէջ եղեր է Կայսերական բժշկական ընկերութեան փոխնախագահ (1884)։
Աղբիւրներ
- Գառնիկ Ստեփանեան (1973)։ Կենսագրական բառարան, հատոր Ա։ Երեւան։ «Սովետական գրող», էջ 371-372։