Lala Miskarean
Quick Facts
Biography
Լալա Միսկարեան-Մինասեան, ծնած է 6 Ապրիլ 1946-ին Արճիս (Նոյեմբերեանի շրջան), գրող, հրապարակագիր, մանկավարժ, խմբագիր եւ դասախօս։
Կենսագրութիւն
Լալա Միսկարեան-Մինասեան ծնած է մանկավարժներու ընտանիքի մէջ. ինքզինք լոռեցի կը համարէ: Բարձրագոյն կրթութիւնը ստացած է Երեւանի Պետական Համալսարանի բանասիրական ճիւղէն: Համալսարանական տարիներուն կը հանդիպի ապագայ ամուսնուն` Բիւզանդ Մինասեանին, կ'ամուսնայ ու Երեւանի մէջ կ'ունենայ առջինեկը։ 1973-ին կը տեղափոխուին Հալէպ: Հալէպի մէջ ծնած է երկրորդ տղայ զաւակը:
Գործունէութիւն
Աշխատանքային գործունէութիւնը կը սկսի Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարանին մէջ. այդ Միսկարեան-Մինասեանին մանկավարժական գործունէութեան դարբնոցը կը դառնայ, ուր կ'աշխատի մինչեւ 60-ամեակը, որմէ ետք, 5 տարի եւս կը պահեն զինք:
Կ'աշխատի Մխիթարեան վարժարանին մէջ, 2011- 2014 թուականներուն կը դասաւանդէ Սարգիս Չեմպերճեան Կրթասիրաց վարժարանին մէջ, կարճ ժամանակով մը կ'աշխատի նաեւ Կիլիկեան ճեմարանին մէջ: Հիմնադրութեան օրէն ի վեր նաեւ Համազգայինի հայագիտական ամպիոնէն ներս կը դասախօսէ:
Երկեր
2007-ին լոյս կ'ընծայէ իր առաջին գիրքը՝ «Յոյսի Հորիզոններ»: Հատորը կը հրատարակուի Բերիոյ Հայոց Թեմի «Այգ» մատենաշարով, իսկ 20 նոյեմբեր 2007-ին, Հալէպի մէջ տեղի կ'ունենայ հատորին գինեձօնը։ Ապա, 2010-ին, լոյս կ'ընծայէ իր երկրորդ գիրքը՝ «Հող ու Երկինք» Բերիոյ Հայոց Թեմի «Այգ» մատենաշարով։
2016-ին Լալա Միսկարեան-Մինասեան կը հեղինակէ սուրիական պատերազմի առաջին օրերէն Սուրիոյ ու յատկապէս Հալէպի ցաւէն, տառապանքէն ծնունդ առած օրագրութիւնը, որ կը ներկայացնէ պատերազմի արհաւիրքը, «Սուրիական Օրագրութիւն» խորագրով: Գիրքը, որ բաղկացած է 374 էջերէ, արժանանցած է «Գէորգ Մելիտինեցի» գրական մրցանակին եւ հրատարակուած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան տպարանը, Անթիլիաս, 2016-ին, խմբագրութեամբ` տոքթ. Արմենակ Տէր Եղիայեանի:
2017-ին լոյս կ'ընծայէ «Ծիրանի ոգիներ» պատմուածքներու հատորը, որ կը հրատարակուի Բերիոյ Հայոց Թեմի «Այգ» մատենաշարով:
Ծանօթագրութիւններ
- ↑ ԼԱԼԱ ՄԻՍԿԱՐԵԱՆ-ՄԻՆԱՍԵԱՆԻ «ՍՈՒՐԻԱԿԱՆ ՕՐԱԳՐՈՒԹԻՒՆ»-Ը` ԱՐԱԲԱԿԱՆ ՉԾԱՂԿԱԾ ԳԱՐՈՒՆՆԵՐՈՒ ՎԱՒԵՐԱԳՐՈՒԹԻՒՆ
- ↑ ԳԻՆԵՁՕՆ «ՅՈՅՍԻ ՀՈՐԻԶՈՆՆԵՐ» ՀԱՏՈՐԻՆ
- ↑ Հայկազեան Համալսարան, Տէրեան Հայագիտական Գրադարան, Նոր Դասաւորուած Գիրքեր
- ↑ «Սուրիական Օրագրութիւն» Հատորի Շնորհահանդէս
- ↑ Գիրքերու Մտերմութեան Հետ. Սուրիական Օրագրութիւն (Հեղինակ` Լալա Միսկարեան-Մինասեան)
- ↑ Գրախօսականի Փոխարէն. «Ծիրանի Ոգիներ» Հեղինակ` Լալա Միսկարեան