Christos Galileas
Quick Facts
Biography
Խրիսթոս Ղալիլէաս (1975, Թեսաղոնիկէ, Յունաստան), ջութակահար, Միացեալ Նահանգներու Ճորճիա նահանգի պետական համալսարանի դասախօս։
Կեանք եւ գործունէութիւն
Ծնած է Թեսաղոնիկէ։ Ան զաւակն է հանրածանօթ երաժիշտ Գոզմաս Ղալիլէասի եւ Տիրուհի Գալֆայեան-Ղալիլէասի։ Ջութակի իր առաջին դասերը, չորս տարեկանին, հօրմէն ստացած է․ ապա ուսումը շարունակած է փրոֆ․ Սթելիոս Քաֆանթարիսի քով: 1994-ին Աթէնքի երաժշտանոցը աւարտելէ ետք արժանացած է առաջին մրցանակի եւ ոսկէ մետալիՙ իր բացառիկ երաժշտական ընդունակութիւններուն համար:
Իր երաժշտական բարձրագոյն ուսումը կատարած է Միացեալ Նահանգներու համբաւաւոր համալսարաններէ ներս։ 2005-ին ստացած է դոկտորայի տիտղոս։ Իբրեւ անուանի ջութակահար, ան բարձրացած է աշխարհի ծանօթ բեմերու վրայ, գործակցած է եւրոպական եւ համաշխարհային համբաւ ունեցող նուագախումբերու հետ, իսկ յատկանշական են անոր ներկայացումները Հայաստանի «Արամ Խաչատուրեան» համերգասրահէն ներս եւ 1994-ին ելոյթ ունեցած է Հայաստանի ֆիլարմոնիկ նուագախումբին հետ, Լորիս Ճգնաւորեանի ղեկավարութեան տակ:
Հիմնած է սենեկային նուագախումբ մը, որ իրագործած է աւելի քան 35 ներկայացումներ ամերիկեան ցամաքամասին վրայ։
2015-էն ի վեր, ստանձնած է Թեսաղոնիկէի «Անաթոլիա» գոլէճի գեղարուեստական տնօրէնի պաշտօնը։
Անդամ է «Համազգային» հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Թեսաղոնիկէի մասնաճիւղին եւ գործուն անդամ՝ քաղաքի հայ համայնքին։