peoplepill id: avedis-jebejian
AJ
Syria Turkey
2 views today
2 views this week
The basics

Quick Facts

Work field
Gender
Male
Birth
Place of birth
Gaziantep, Gaziantep Province, Turkey
Death
Place of death
Aleppo, Mount Simeon District, Aleppo Governorate, Syria
Age
76 years
The details (from wikipedia)

Biography

Աւետիս Ճէպէճեան (1876, Այնթէպ, Հալէպի գաւառ, Հալէպի Վիլայէթ, Օսմանեան Կայսրութիւն - 1952, Հալէպ), հայ բժիշկ, զաւակը՝ Յովհաննէս Ճէպէճեանի, հայրը` բժիշկ Ռոպերթ Ճէպէճեանի ու մեծ հայրը` դոկտոր Հրայր Ճէպէճեանի:

Կենսագրական գիծեր

Ծնած է Այնթապ։ Վկայուած է Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի բժշկական բաժինէն, 1903-ին: Որոշ ատեն Ուրֆայի մէջ ծառայելէ ետք աշխատանքը շարունակած է Այնթապի Ամերիկեան հիւանդանոցին մէջ: Մասնագիտանալու եւ յաւելեալ փորձառութիւն ձեռք ձգելու համար ծառայած է նաեւ Գերմանիոյ եւ Զուիցերիոյ մէջ: Ծառայած է օսմանեան բանակին մէջ` իբրեւ սպայ բժշկապետ, ղրկուած է տարբեր ճակատներ:

Ատանայի ջարդերուն օրերուն,  1909-ին, իր կինը առաջին զաւկին յղի եղած է: Ճէպէճեան որոշած է վերադառնալ իր ծննդավայրը` Այնթապ:

1914-1919 աշխատած է թրքական հիւանդատար նաւու մը վրայ, ուր դարմանած է մալարիայէ վարակուած հազարաւոր բանակայիններ:

Ա. Աշխարհամարտին արձանագրուած բազմաթիւ վիրաւորները դարմանելուն ժամանակ լսած է, որ իր ազգականները սպաննուած են: Իր եղբայրը` Գրիգորը, Սուրիա աքսորուած է եւ պատերազմէն ետք անկարող եղած է վերադառնալ:

Ան  շարունակած է իր ճամբան` անցնելով Պայազիտէն, Գարա Քիլիսայէն եւ Ճելիքեանէն: Վերջապէս  հասած է Տրապիզոն, որմէ ետք ծովու ճամբով անցած է Պոլիս եւ ի վերջոյ երկաթուղիով` Հալէպ: Հոն բժիշկ Ֆիլիփ Յովնանեանի հետ հաստատած է դարմանատուն մը: Դարմանած է Ցեղասպանութենէն ճողոպրած հազարաւոր հայ հիւանդներ:

Հալէպի մէջ ունեցած է ազգային հասարակական եւ եկեղեցական աշխուժ գործունէութիւն, եղած է հալէպահայ գաղութը կազմակերպող կարեւոր անձնաւորութիւններէն մէկը:

Աշխատութիւններ

Ան գրած է իր օրագրութիւնը, որ կը սկսի 3 նոյեմբեր 1914-ին եւ կը վերջանայ դեկտեմբեր 1919-ին: Ան գրած է հայատառ թրքերէնով: Գիրքը հրատարակուած է Պէյրութ, 1986-ին, հայերէնով, «Վիոլեթ Ճէպէճեան» գրադարանին կողմէ:

Անոր յուշերը այլազան են: Ան գեղեցկօրէն նկարագրած է Արեւմտահայաստանի տարբեր քաղաքները: Նկարագրած է հայոց տեղահանութիւնը, տառապանքը, ջարդերը` Ցեղասպանութիւնը: Ականատես եղած է հայկական պարպուած գիւղերու եւ հազարաւոր հայ գաղթականներու վիճակուած տաժանելի պայմաններուն: Հանդիպած է հայու բեկորներու` Տիգրանակերտի տարածուն հովիտին մէջ, տեսած է սիրտ ճմլող պատկերներ:

Ապրած է պատերազմի տգեղութիւններն ու արհաւիրքը: Ան նկարագրած է հայուն անսահման վիշտը, որուն պատճառով երբեմն իր օրագիրը չէ կրցած ամբողջացնել: Ան գրած է.

«12.000 գաղթականներ անցան Մարաշի քովէն. անգութ, անհամար տեսարաններ ու նկարագրութիւններ. այդ պատճառով ալ սիրտ չունեցայ օրագիրս շարունակելու: Խապուզէ հայկական գիւղը` ամբողջովին պարպուած… մնացած էին հինգ ընտանիքներ միայն, որոնց այցելեցի: Երկրորդ հանգրուանը եղաւ Կլուշկերտ անուն հայկական ուրիշ գիւղ մը: Այս կողմերը հարիւրաւոր նման հայկական գիւղեր կան, բոլորը դատարկ, բնակչութիւնը` տեղահան: Կլուշկերտէն ելլելով` հասանք Բալուէն մէկ ու կէս ժամ հեռաւորութեան վրայ Խօշմաթ հայկական գիւղը, ուր սկսանք հաստատուիլ: Երեք հարիւր տուն ունեցող գիւղին մէջ մնացած էին չորս կամ հինգ ընտանիքներ: Քիւրտ տարագիրներ փլած էին բոլոր տուները:»


Ան սիրած է բնութիւնը եւ անոր գեղեցկութիւնը: Գրած է Արարատ լերան մասին․

«Մասիսն ու Արարատը եզակի հմայիչ տեսարան մը կը գոյացնեն: Շատ հաճելի զգացումներու տուն կու տան ինձ մօտ: Աննման, շքեղ ու օգոստափառ լեռ մըն է Արարատը»:

Զինադադարէն ետք ազատ արձակուած է թրքական բանակէն: Սկսած է իր տուն դարձի երկար ճամբորդութիւնը: Ան 40 օր քալած ու հասած է Վան, որ նկարագրած է.

«Լիճը` Վարագայ եւ Սիփան լեռներով, շատ հաճելի տեսարան մը կը հայթայթէ»:

Ծանօթագրութիւններ

Աղբիւրներ

Արտաքին յղումներ

The contents of this page are sourced from Wikipedia article. The contents are available under the CC BY-SA 4.0 license.
Lists
Avedis Jebejian is in following lists
comments so far.
Comments
From our partners
Sponsored
Credits
References and sources
Avedis Jebejian
arrow-left arrow-right instagram whatsapp myspace quora soundcloud spotify tumblr vk website youtube pandora tunein iheart itunes