Avedis Jebejian
Quick Facts
Biography
Աւետիս Ճէպէճեան (1876, Այնթէպ, Հալէպի գաւառ, Հալէպի Վիլայէթ, Օսմանեան Կայսրութիւն - 1952, Հալէպ), հայ բժիշկ, զաւակը՝ Յովհաննէս Ճէպէճեանի, հայրը` բժիշկ Ռոպերթ Ճէպէճեանի ու մեծ հայրը` դոկտոր Հրայր Ճէպէճեանի:
Կենսագրական գիծեր
Ծնած է Այնթապ։ Վկայուած է Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի բժշկական բաժինէն, 1903-ին: Որոշ ատեն Ուրֆայի մէջ ծառայելէ ետք աշխատանքը շարունակած է Այնթապի Ամերիկեան հիւանդանոցին մէջ: Մասնագիտանալու եւ յաւելեալ փորձառութիւն ձեռք ձգելու համար ծառայած է նաեւ Գերմանիոյ եւ Զուիցերիոյ մէջ: Ծառայած է օսմանեան բանակին մէջ` իբրեւ սպայ բժշկապետ, ղրկուած է տարբեր ճակատներ:
Ատանայի ջարդերուն օրերուն, 1909-ին, իր կինը առաջին զաւկին յղի եղած է: Ճէպէճեան որոշած է վերադառնալ իր ծննդավայրը` Այնթապ:
1914-1919 աշխատած է թրքական հիւանդատար նաւու մը վրայ, ուր դարմանած է մալարիայէ վարակուած հազարաւոր բանակայիններ:
Ա. Աշխարհամարտին արձանագրուած բազմաթիւ վիրաւորները դարմանելուն ժամանակ լսած է, որ իր ազգականները սպաննուած են: Իր եղբայրը` Գրիգորը, Սուրիա աքսորուած է եւ պատերազմէն ետք անկարող եղած է վերադառնալ:
Ան շարունակած է իր ճամբան` անցնելով Պայազիտէն, Գարա Քիլիսայէն եւ Ճելիքեանէն: Վերջապէս հասած է Տրապիզոն, որմէ ետք ծովու ճամբով անցած է Պոլիս եւ ի վերջոյ երկաթուղիով` Հալէպ: Հոն բժիշկ Ֆիլիփ Յովնանեանի հետ հաստատած է դարմանատուն մը: Դարմանած է Ցեղասպանութենէն ճողոպրած հազարաւոր հայ հիւանդներ:
Հալէպի մէջ ունեցած է ազգային հասարակական եւ եկեղեցական աշխուժ գործունէութիւն, եղած է հալէպահայ գաղութը կազմակերպող կարեւոր անձնաւորութիւններէն մէկը:
Աշխատութիւններ
Ան գրած է իր օրագրութիւնը, որ կը սկսի 3 նոյեմբեր 1914-ին եւ կը վերջանայ դեկտեմբեր 1919-ին: Ան գրած է հայատառ թրքերէնով: Գիրքը հրատարակուած է Պէյրութ, 1986-ին, հայերէնով, «Վիոլեթ Ճէպէճեան» գրադարանին կողմէ:
Անոր յուշերը այլազան են: Ան գեղեցկօրէն նկարագրած է Արեւմտահայաստանի տարբեր քաղաքները: Նկարագրած է հայոց տեղահանութիւնը, տառապանքը, ջարդերը` Ցեղասպանութիւնը: Ականատես եղած է հայկական պարպուած գիւղերու եւ հազարաւոր հայ գաղթականներու վիճակուած տաժանելի պայմաններուն: Հանդիպած է հայու բեկորներու` Տիգրանակերտի տարածուն հովիտին մէջ, տեսած է սիրտ ճմլող պատկերներ:
Ապրած է պատերազմի տգեղութիւններն ու արհաւիրքը: Ան նկարագրած է հայուն անսահման վիշտը, որուն պատճառով երբեմն իր օրագիրը չէ կրցած ամբողջացնել: Ան գրած է.
«12.000 գաղթականներ անցան Մարաշի քովէն. անգութ, անհամար տեսարաններ ու նկարագրութիւններ. այդ պատճառով ալ սիրտ չունեցայ օրագիրս շարունակելու: Խապուզէ հայկական գիւղը` ամբողջովին պարպուած… մնացած էին հինգ ընտանիքներ միայն, որոնց այցելեցի: Երկրորդ հանգրուանը եղաւ Կլուշկերտ անուն հայկական ուրիշ գիւղ մը: Այս կողմերը հարիւրաւոր նման հայկական գիւղեր կան, բոլորը դատարկ, բնակչութիւնը` տեղահան: Կլուշկերտէն ելլելով` հասանք Բալուէն մէկ ու կէս ժամ հեռաւորութեան վրայ Խօշմաթ հայկական գիւղը, ուր սկսանք հաստատուիլ: Երեք հարիւր տուն ունեցող գիւղին մէջ մնացած էին չորս կամ հինգ ընտանիքներ: Քիւրտ տարագիրներ փլած էին բոլոր տուները:»
Ան սիրած է բնութիւնը եւ անոր գեղեցկութիւնը: Գրած է Արարատ լերան մասին․
«Մասիսն ու Արարատը եզակի հմայիչ տեսարան մը կը գոյացնեն: Շատ հաճելի զգացումներու տուն կու տան ինձ մօտ: Աննման, շքեղ ու օգոստափառ լեռ մըն է Արարատը»:
Զինադադարէն ետք ազատ արձակուած է թրքական բանակէն: Սկսած է իր տուն դարձի երկար ճամբորդութիւնը: Ան 40 օր քալած ու հասած է Վան, որ նկարագրած է.
«Լիճը` Վարագայ եւ Սիփան լեռներով, շատ հաճելի տեսարան մը կը հայթայթէ»: