Ara Partevyan
Quick Facts
Biography
Արա Պարթեւեան (1903, Կոստանդնուպոլիս - 23 Յուլիս 1986(1986-07-23), Փարիզ), հայ երաժշտահան եւ խմբավար:
Կեանք եւ գործունէութիւն
Ծնած է Պոլիս: Երաժշտական սկզբնական կրթութիւնը ստացած է Պոլսոյ հայազգի յայտնի երաժշտահաններէն՝ Էտկար Մանասեանէն։
1923 թուականին տեղափոխուած է Փարիզ եւ երաժշտական կրթութիւնը շարունակած է Փարիզի երաժշտանոցէն ներս, ուրկէ շրջանաւարտ եղած է 1933 թուականին:
Ան իր առաջին երգերը սկսած է յօրինել 1929 թուականին, որմէ ետք սկսած է երաժշտութիւններ յօրինել Աւետիք Իսահակեանի, Պետրոս Դուրեանի, Միսաք Մեծարենցի, Վահան Տէրեանի, Սարմէնի եւ այլ յայտնի գրողներու խօսքերով:
Անոր առաջին մեծ համերգը տեղի ունեցած է 1932 թուականին:
Պարթեւեան 1934 թուականին Փարիզի մէջ հիմնած է հայկական «Սիփան-Կոմիտաս» երգչախումբը եւ բազմաթիւ առիթներով հանդէս եկած հայրենասիրական եւ ազգային երգերով, համերգներուն իբրեւ անուն ունենալով «Հայ երգի օր» խորագիրը:
1942 թուականին հիմնած է այլ երգչախումբ մը՝ «Փարիզի հայկական երգչախումբ» անունով, որ նոյնպէս բազմաթիւ առիթներով հանդէս եկած է:
Պարթեւեանի նշանաւոր գործերէն է Կոստան Զարեանի «Տատրագոմի հարսը» օփերան, «Գեղջկական համերգ»ը, «Անտառի մէջ», «Պատարագ»ը եւ այլ ստեղծագործութիւններ:
Պարթեւեան առաջին անգամ Հայաստանի մէջ հանդէս եկած է 1963 թուականին. մինչ այդ բազմաթիւ առիթներով հանդէս եկած է եւրոպական տարբեր երկիրներու մէջ, ինչպէս նաեւ Պոլսոյ մէջ:
Մինչեւ իր մահը Պարթեւեան եղած է Փարիզի հայկական եկեղեցւոյ երգչախումբի խմբավարն ու երգեհոնահարը: