peoplepill id: satenik-matinian-arghituan
SM
Armenia
1 views today
5 views this week
Satenik Matinian-Arghituan
Armenian revolutionary, played a role in the Armenian Revolutionary Movement

Satenik Matinian-Arghituan

The basics

Quick Facts

Intro
Armenian revolutionary, played a role in the Armenian Revolutionary Movement
A.K.A.
Tsaghik
Places
Work field
Gender
Female
Place of birth
Gyumri, Aleksandropol County, Georgia-Imeretia Governorate, Armenia
Place of death
Paris, Grand Paris, France
Age
56 years
The details (from wikipedia)

Biography

Սաթենիկ Մատինեան-Արղութեան (24 Սեպտեմբեր 1874(1874-09-24), Գիւմրի, Երեւանի նահանգ, Կովկասի Փոխարքայութիւն, Ռուսական Կայսրութիւն - 12 Դեկտեմբեր 1930(1930-12-12), Փարիզ, Ֆրանսա), ծածկանունով Ծաղիկ, Հայ Յեղափոխական շարժման ընթացքին կ՚ունենայ մեծ դերակատարութիւն եւ կը տանի ծաւալուն աշխատանքներ։

Կենսագրութիւն

Սաթենիկ ծնած է Ալեքսանդրապոլ եւ ընտանիքով փոքր տարիքէն կը փոխադրուի Թիֆլիս։ Ինը տարեկանին կը սկսուի Թիֆլիսի առաջին Օրիորդաց Գիմնազիան, սակայն հիւանդութեան պատճառով Զ. դասարանին կը ստիպուի դպրոցը ձգել։ Հետագային այն կը ստանայ մանկավարժութեան վկայականը։ Մատինեաններու ընտանիքը ըստ Մալխասի՝ Թիֆլիսի երիտասարդութեան հաւաքավայրն էր եւ կը կոչուէր «Դաշնակցութեան Պապոնց Տուն»ը։

Սաթենիկ եւ իր քոյրը Նատալիան, փոքր տարիքէն կը հետեւին իրենց տան մէջ տեղի ունեցող զրոյցներուն եւ կը սկսին հետզհետէ հետաքրքրուիլ ազգային հարցերով։ Երբ Դաշնակցութիւնը կը հիմնուի, ան շարքերը կը մտնէ։ Դաշնակցութեան Ա. Ընդհանուր Ժողովէն ետք, կը որոշէ ձգել Թիֆլիս եւ ուսուցչութիւն ընել Թաւրիզի Լիլիաւայի դպրոցը (Պարսկաստան)։ Հոն կը շարունակէ որ յեղափոխական գործերը եւ կը սկսի աշխատիլ յեղափոխական ծածկանունով, Ծաղիկ։

Թաւրիզի մէջ իրեն յանձնուած էր կազմակերպել կիները իբր պարտականութիւն։ Սաթենիկ կը սկսի մտնել հայ ընտանիքներուն տունները եւ կապեր հաստատել։ Կիներու ընթարձակ ցուցակ մը կը կազմէ եւ իրենց առաջին ժողովին կը հրաւիրէ, ուր բոլոր կիները իրենց պատրաստակամութիւնե կը յայտնեն աշխատելու։ Իր ճիգերով, կը վերակազմուի «Թաւրիզի Հայուհեաց Բարեգործական Ընկերութիւն»-ը եւ Հռիփսիմէ Փուղինեանի հետ կը բացուի միջնակարգ ու մանկապարտէզ մը Թաւրիզի մէջ։

Նիկոլ Դումանի եւ Իշխան Յովսէփ Արղութեանի հետ կ՚անցնի պատմական Դերիկի Վանքը ուր մեծ թիւով հայդուկներ կը մնային։ Երբ Քիւրտերը կը յարձակին վանքին վրայ, Սաթենիկ առաջին անգամ ըլլալով ականատէս կ՚ըլլայ եւ իր օժանդակութիւնը կը բերէ կռիւին փամփուշտներ բաժնելով։

Սաթենիկ կը փորձէ Երկիր անցնիլ, իբր ուսուցչուհի, սակայն անյաջող կ՚ուղղուի դէպի Կարս, իսկ ետքը 1895-ին Արեւելեան Բիւրոյի խորհուրդով կ՚երթայ Սալմաստ Նիկոլ Դումանին տեղ ուսուցչութիւն ընելու համար։

Խանասորի Արշաւանքէն ետք, Իշխան Արղութեան կը ձերբակալուի Սալմաստի մէջ Պարսկաստանի Կառավարութեան կողմէ եւ կը յանձնուի ռուսական հիւպատոսարանին եւ կ՚աքսորուի Վոլոդգայ։ Սաթենիք կը հետեւի Իշխանին եւ աքսորավայրին մէջ կ՚ամուսնանան։

Առաջին Համաշխարհային պատերազմին, Իշխան 4-5 միացեալ գունդերու հրամանատար կը նշանակուի եւ Սաթենիք իր օգնութիւնը կը բերէ նախապատրաստական աշխատանքներուն։ Երբ Հայաստան կ՚անկախանայ, Իշխան կը նշանակուի Պարսկաստանի դեսպան եւ անկումէն ետք կը հաստատուին Փարիզ։ Երկարատեւ ու ծանր հիւանդութենէ ետք, Սաթենիկ կը մահանայ 12 Դեկտեմբեր, 1930-ին։

Ծանօթագրութիւններ

The contents of this page are sourced from Wikipedia article. The contents are available under the CC BY-SA 4.0 license.
Lists
Satenik Matinian-Arghituan is in following lists
comments so far.
Comments
From our partners
Sponsored
Credits
References and sources
Satenik Matinian-Arghituan
arrow-left arrow-right instagram whatsapp myspace quora soundcloud spotify tumblr vk website youtube pandora tunein iheart itunes