peoplepill id: petros-paltazarian
PP
Armenia
2 views today
4 views this week
Petros Paltazarian
Armenian actor

Petros Paltazarian

The basics

Quick Facts

Intro
Armenian actor
Places
Gender
Male
Place of birth
Istanbul, Istanbul Province, Turkey
Place of death
Istanbul, Istanbul Province, Turkey
Age
86 years
The details (from wikipedia)

Biography

Պետրոս Պալթազարեան (10 Մարտ 1866(1866-03-10), Պոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն - 9 Յունուար 1953(1953-01-09), Պոլիս, Թուրքիա), հայ դերասան։

Կենսագրութիւն

Պալթազարեան ծնած է Սամրաթորմուք (Պոլիս, որ բաւական հայաշատ գիւղ մը եղած է։ 6 տարեկանին կը յաճախէ թաղին ազգային վարժարանը, սակայն դպրոցը աւարտելէ առաջ կը վտարուի, իբրեւ անառակ, անուղղայ։ Արհեստ սորվելու համար հայ ոսկերիչի մը աշկերտը կ՛ըլլայ։ Ապա, կ՛ունենայ նոր վարպետներ եւ վեց տարի կը հետեւի ոսկերչութեան։

Տասնութ տարեկանի, իր ծննդավայր գիւղին մէջ, կը հիմնէ հայկական բարեսիրաց ընկերութիւնը, որ կ՛ունենայ տասնամեայ գործունէութիւն։

Միշտ բեմով յափշտակուած ըլլալուն պատճառով, մինչեւ 24 տարեկան, կը փորձէ արհեստի մը տիրանալ, սայկայն չի յաջողիր։

Ան միշտ կախարդուած էր Պետրոս Ադամեանի արուեստով։ 1888-ին ներկայգտնուելով Ադամեանի ներկայցումներուն, վճռապէս, կ՛որոշէ նուիրուիլ բեմին։ Միեւնոյն շրջանին կը դիմէ Ադամեանին, սակայն, իր խնդրանքը կը ձգձգուի։

1889-ին, Պետրոս Մաղաքեանի կողմէ՝ Պոլսոյ «Հայրենիք» օրաթերթին մէջ տրուած կոչին ի պատասխան, Պալթազարեան կը ներկայանայ Մաղաքեանի աշխատանոցը։ Հաւնելով դերասանին ձայնը, առոգանութիւնն ու արատասանութեան ձեւը, զինք կը յանձնէ պատասխանատու դեր մը։ Այսպիսով, անոր կեանքին մէջ կը բացուի նոր ճանապարհ։ 1989-ի Նոյեմբերին կը բեմադրուի թատերախաղը։

Պալթազար կ՛ընկերանայ Մաղաքեանի կազմած խումբին, որ չորսամեայ գործունէութենէ ետք կը մեկնի Ֆիլիպէ։ Կը պատրաստեն թրքերէն ներկայացումներ, սակայն կ՛ունենան անյաջող աւարտ․ ուստի ան կը վերադառնայ հայրենի տուն՝ մէկ տարի լքելով բեմը։

1890-1891-ի թատերաշրջանը կ՛անցնէ Թովմաս Ֆասուլեաճեանի խումբին հետ։ Խումբով յաջորդաբար կը մեկնին թէքիրտաղ, Սելանիկ եւ Սկիւպ։

Ապա, Պոլիս կը վերադառնայ ու կը մտնէ Մնակեան թատերախումբը։ Այնտեղ կը մնայ քանի մը շրջան ու կը ստանձնէ տրամաթիկ բաւական կարեւոր դերեր։

Երանոս Չափրաստի եւ Գոհարիկ Շիրինեանի հետ, գլխաւոր սիւներէն մէկը կ՛ըլլայ Ռէշատ Ռըտվանի կազմած ֆրանսական նոր կատակերգութիւններու խումբին մէջ։

Աղբիւրներ

  • «Թատերական Դէմքեր», Նշան Պէշիկթաշլեան, 1965 Անթիլիաս, էջ 903-930։
The contents of this page are sourced from Wikipedia article. The contents are available under the CC BY-SA 4.0 license.
Lists
Petros Paltazarian is in following lists
comments so far.
Comments
From our partners
Sponsored
Petros Paltazarian
arrow-left arrow-right instagram whatsapp myspace quora soundcloud spotify tumblr vk website youtube pandora tunein iheart itunes