Nazaret Topalian
Quick Facts
Biography
Նազարէթ Թօփալեան (12 Մարտ 1933(1933-03-12), Պէյրութ, Լիբանան - 23 Մարտ 2016(2016-03-23), Փարիզ, Ֆրանսա), ֆրանսահայ լրագրող, գրող եւ թարգմանիչ։
Կեանք եւ գործունէութիւն
Ծնած է Պէյրութ։ 1976-ին հաստատուածէ Փարիզ՝ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին պատճառով:
Աշխատակցած է Պէյրութի «Արարատ», «Ազդարար», «Այգ», «Զարթօնք» օրաթերթերուն, ապա Փարիզի մէջ «Անդաստան»ին, «Աշխարհ»ին, «Յառաջ»ին եւ հուսկ՝ «Նոր Յառաջ»ին, Ամերիկայի «Նոր Օր»ին եւ «Պայքար»ին, Եգիպտոսի «Արարատ»ին: Հեղինակ է բազմաթիւ գրութիւններու զորս երբեմն տարբեր ծածկանուններով ստորագրած է հայ մամուլին մէջ: Ինչպէս նաեւ վարած է նաեւ Հայ Ընկերային Օգնութեան Ընկերակցութեան քարտուղարութիւնը (1975-1981, այն ատեն՝ Աղքատախնամ):
Երկեր
Հեղինակ է բազմաթիւ հատորներու, որոնցմէ ամէնէն ծանօթներն են․
- «Պանդոկ Հիւսիս-Արեւելք» (Փարիզ, 1983),
- «Զգացականութեամբ մեղանչելով…» (Փարիզ, 1985, հրատարակուած՝ 1998ին),
- «Գալիք ժամանակներու տեսիլք մը» (Փարիզ, 1988),
- «Արեւագալ: Գեղօն ի պատիւ Հայաստանի» (2009):
Թարգմանութիւններ
Թօփալեան նաեւ ծանօթ է իր թարգմանչական վաստակով, օրինակ՝ Ժորժ Պերնանոսի ֆրանսերէնէ թարգմանուած «Խօսակցութիւններ Քարմէլի կրօնաւորուհիներու» գործը, որ լոյս տեսած է 1998ին Փարիզի մէջ: