peoplepill id: grigor-mseryan
GM
1 views today
1 views this week
Grigor Mseryan
հայ խմբագիր, թարգմանիչ

Grigor Mseryan

The basics

Quick Facts

Intro
հայ խմբագիր, թարգմանիչ
Work field
Gender
Male
Birth
Place of birth
İzmir
Place of death
İzmir
Age
47 years
The details (from wikipedia)

Biography

Գրիգոր Մսերեան (1846, Իզմիր, Eyalet of Aidin15 Օգոստոս 1893(1893-08-15), Իզմիր, Այդինի վիլայեթ), հասարակական գործիչ, թարգմանիչ, խմբագիր, հրատարակիչ։

Կենսագրութիւն

Ծնած է Զմիւռնիոյ մէջ 1846-ին, եղբօրորդին է՝ Մաքիստրոս Մսերեանի, իր նախնական կրթութիւնը ստացած է Իզմիրի՝ Աղաբեկեան-Մամուրեան, ապա՝ Մեսրոպեան վարժարաններուն մէջ, աշակերտած է Վիեննայի Մխիթարեանց տեղական վարժարանի Հ․ Արսէն Այտընեանի տեսչութեան միջոցին, որուն կողմէ գնահատուած է իր ուշիմութեան եւ յառաջդիմութեան պատճառաւ։

Հազիւ ստացած նախակրթութեան հիմերը, կը ստիպուի նետուիլ գործի ասպարէզ եւ սակայն իր յառաջդիմելու եւ զարգանալու փափաքը զինք հետզհետէ յառաջ կը մղեն ու իր շահած բոլոր դրամները կը վատնէ շարունակ ինքնազարգացման գործիքներու, Ֆրանսերէն գիրքերգնելու, եւ այդպէսով հաղորդակցութեան կը մտնէ օտար մտքին հետ։ Հետզհետէ կը կազմաւորուի այդ կերպով իր մտաւորական հասունութիւնը եւ կը դաւանի Լիթրէի դրական փիլիսոփայութեան։

Հայ մտաւորականութեան Իզմիրեան դպրոցին գլխաւոր ջիղերէն եղած է Գրիգոր Մսերեան, իբր ամենէն գործունեայ տիպարներէն մէկը, անոնցմէ որոնք ջանացած են միշտ օգտակար հանդիսանալ Հայ Ազգին եւ Գրականութեանտը։

Գործունէութիւն

Առեւտրական ասպարէզին մէջ եւս ոչ նուազ բանիբուն՝ իր ճարտարամտութեան, նշաններն ցոյց կու տան Զուիցերեան վաճառատան մը մէջ կարեւոր պաշտօնի մը կոչուելով, եւ սակայն իր դրական գործունէութեան միջոցին միշտ անտես չէ ըրած բանասիրական ու իմաստասիրական խնդիրները, որոնց նկատմամբ իր ունեցած մասնաւոր հակումը գրաւած է իր ազատ բոլոր ժամերը։

Գործակցելով Իզմիրեան այն հոսանքին, զոր նոյն միջոցին գոյութիւն ունէր որով եւրոպական ամէնէն գեղեցիկ գործերը կը հայացուէին ու կը հրատարակուէին։ Գործակցելով Տէտէեաններուն հետ, 1872—76-ին թարգմանած ու հրատարակած է Ա․ Տիւմայի «Փօլին», Օ․ Ֆէօյէի «Աղքատ Երիտասարդի Մը Վէպը», Ա․ Աշարի «Յետվիճի Երդումը եւ Ր․ Ֆեպրի «Փարիզն Ամերիկա» երկերը։ Աւելի վերջերը ինքը եղաւ գրեթէ Հայոց մէջ իրապաշտ դպրոց մը ստեղծելու առաջին յանդուգն քայլը առնողը՝ թարգմանելով «Պօքաչիոյի Տասնօրեակները» եւ հրատարակելով «Յովնաննա Բաբուհի» անունը վէպը եւթարգմանելով Էմիլ Զոլայի մէկ գեղեցիկ գրական տեսութիւնը Լիթրէի եւ Հիւկոյի մասին։

Իր մտահոգութիւնը եղած է Հայ Ազգին տառապանքն ու կեղեքումները․ տարիներով վշտակից եղած է Ազգին ցաւերուն եւ իբր հրապարակագիր եւ բարեկամ եւրոպական դիւանագիտական անձերու, ոչ մէկ աշխատանք խնայած է այդ ցաւերուն դարմանման համար։

Տէտէյեանի տպագրական գործունէութեան շիջումէն վերջ, ինք քանի մը համախոհներու հետ, 1878-ին հաստատած է տպարան մը, որուն գործութիւնը չէ կրցած բեղմնաւոր ըլլալ՝ իր գործակիցներուն հետզհետէ գործէ քաշուելուն պատճառաւ, որով ամբողջ բեռը մնացած է իր վրան։

Իր տպագրական գործունէութեան հետ զուգընթաց ձեռնարկած է խիստ աչքառու գործի մը, այն է Մետեօրայի հրատարակութիւնները որոնցմէ դժբախտաբար սակայն 3 հատոր միայն կրցած է ի լոյս ընծայել։

Մետեօրան պարբերական մըն էր, որ սկսաւ հրատարակուիլ 1878-ին իր խմբագրութեամբ եւ կը պարունակէր գրական, ազգային, դիտական, գեղեցիկ եւ լուրջ յօդուածներ եւ որոնց մէջ կը յուզուէին գլխաւորաբար ազգային հարցեր, ու հասարակական խնդիրներ եւն․։

Մետեօրան, ինչպէս կը գրէ Մսերեան, իր յառաջաբանին մէջ, «Առ այժմ լոկ հաւաքածու մըն է գիտական, ազգային եւ գրական գործերու ու թարգմանութիւններու, հետեւաբար իր էջերը բաց են ամէն գրիչներու համար որոնք իրենց ազգին ու հայրենեաց կ'ուզեն նուիրուիլ։ Մետեօրայի նպատակն է ժամանակիս ոգւոյն եւ Եւրոպայի գիտական շարժման արձագանք ըլլալ, միեւնոյն համակրութեամբ ընդունելով նաեւ աստուածաբանական, հոգեբանական եւ գրական հայեացքներով գրուած կարեւոր յօդուածները։»

The contents of this page are sourced from Wikipedia article. The contents are available under the CC BY-SA 4.0 license.
Lists
Grigor Mseryan is in following lists
comments so far.
Comments
From our partners
Sponsored
Grigor Mseryan
arrow-left arrow-right instagram whatsapp myspace quora soundcloud spotify tumblr vk website youtube pandora tunein iheart itunes