peoplepill id: garig-basmadjian
GB
1 views today
1 views this week
Garig Basmadjian
dichter

Garig Basmadjian

The basics

Quick Facts

Intro
dichter
was
Work field
Gender
Male
Place of birth
Jerusalem
Age
41 years
The details (from wikipedia)

Biography

Կարիկ Պասմաճեան, ծնած է 1947 թուականին Երուսաղէմ, ուր ապրած է մինչեւ 1965 թուականին։ Տասնըութ տարեկանին մեկնած է Հայաստան, հետեւած է Երեւանիպետական համալսարանի բանասիրութեան ճիւղին (1966-1972), ապա վերադարյաղ արտասահման եւ հաստատուած Փարիզ՝ ուր կ'ապրի ներկայիս։ Մինչեւ 1969 չէ գրած հայերէնով. գրած է անգլերէնով եւ այդ լեզուով ալ հրատարակած է քերթուածներու իր առաջին հատորը՝ 1968 թուականին («Ցոլքեր»): 1967 թուականին, Երեւանի մէջ, Գուրգէն Մահարի հայէրէնի կը թարգմանէ իր բանաստեղծութիւն իր բանաստեղծութիւններէն չորսը եւ կը հրատարակէ «Գրական Թերթ»ի 3 Փետրուար 1967 թուականին։ Երկու տարի ետք է որ ինքնագիր եւ հայալեզու իր առաջին քերթուածը տեղ կը գտնէ նոյն շաբաթաթերթին մէջ ու Կարիկ կը ստանայ հայ բանաստեղծի իր մկրտութիւնը... 1969-1980 տուած է հայալեզու իր ստեղծագործութեանց հինգ հատորները, «Լուսատըտիկ»՝ 1971, «Շթաքարէր»՝ 1973, «Բեղմնափոշի»՝ 1976, «Վերադառնում եմ իմ սկիզբը»՝ 1978 եւ «Անաւարտ Խաղ»՝ 1980:Կատրած է բազմաթիւ թարգմանութիւններ անգլերէնէ եւ արաբերէնէ, ներկայացնելով անգլէւամերիկեան եւ արաբական ժամանակից բանաստեղծութիւնը։ Անգլերէնի թարգմանած է հատընտիրներ Պրոյր Սեւակի եւ Եղիշէ Չարենցի ստեղծագործութիւններէն եւ հրատարակած է ամերիկայ անգլիագիր բանաստեղծներու գործերէն ծաղկաքաղ մը՝ անգլերէնով ու հայերէնով։ Գրական ակնարկներով, ուսումնասիրութիւններով եւ ինքնագիր բանաստեղծութիւններով աշխատակցած է Հայաստանի թէ Սփիւռքի գրական պարբերաթերթրուն («Սովետ. Գրականութիւն», «Գրական Թերթ», «Գարուն», «Անդաստան», «Նայիրի», «Սփիւռք», եւայլն », ինչպէս նաեւ անգլիական «Էնքաունթըր» եւ «Տը Լիթըրըրրի Թապլոյտ» հանդէսներուն։ Գրած է յառաջաբաններ եւ խմբագրած՝ Փարիզի «Քաթրա» մշակութային խմբակցութեան կողմէ հրատարակուած գրքոյկներ, ինչպէս Բիւզանդ Թոփալեանի «Դաշտանկար»ը «1976», եւ «Իրանահայ Բանաստեղծներ» (1976), «Իսթանպուլահայ Բանաստեղծներ» (1977) անուններուն տակ՝ գաղութներու մէջ ապրող քերթողներէ հատըտնտիր էջեր:

Ծանօթագրութիւններ

  1. Մինաս Թէօլէօլեան,Դար մը գրականութիւն, հ. Բ, Հալէպ, էջ 576։


The contents of this page are sourced from Wikipedia article. The contents are available under the CC BY-SA 4.0 license.
Lists
Garig Basmadjian is in following lists
comments so far.
Comments
From our partners
Sponsored
Garig Basmadjian
arrow-left arrow-right instagram whatsapp myspace quora soundcloud spotify tumblr vk website youtube pandora tunein iheart itunes