Ani Garmiryan
Quick Facts
Biography
Անի Կարմիրեան (ծնած Պոլիս), լեզուաբան, համալսարանի դասախօս, նախկին դպրոցի տնօրէն: 2014 թուականէն սկսեալ ստանձնած է Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Բաժանմունքի արեւմտահայերէն լեզուի զարգացման եւ դպրոցներու օժանդակութեան պաշտօնը:
Կենսագրութիւն
Կարմիրեան ծնած եւ ապրած է Իսթանպուլ, ինչպէս նաեւ ապրած է Իտալիա, Գերմանիա, Անգլիա, Ֆրանսա, ԱՄՆ եւ այժմ կ'ապրի Փորթուկալ:
Ան իր Մագիստրոս Արուեստիցը ստացած է Գերմանիոյ մէջ, Հայտըլպըրկի Համալսարանէն, լեզուաբանութեան եւ մանկավարժութեան ոլորտին մէջ: Աս իր դաստիարակութեան Մագիստրոսի վկայականը ստացած է Պէնք Սթրիթ Քոլէճ համալսարանէն, Նիւ Եորք, ԱՄՆ:
Կարմիրեան հիմնադիրն է Մկնիկ աշխատանոցին, Փարիզ, Ֆրանսա: Ան նաեւ դասախօսած է Փարիզի 3րդ Համալսարանէն ներս 1994 թուականէն ի վեր:
Կարմիրեան մաս կազմեց Նիւ Ճըրզիի Յովնանեան Վարժարանէն ներս իբր հայերէն լեզուի համակարգող 1997 թուականին, որմէ ետք ստանցնեց դպրոցի տնօրինութեան դերը 2000 թուականէն սկսեալ:
Կարմիրեան հրատարակած է բազմաթիւ յօդուածներ երկլեզու ուսուցման ոլորտին մէջ:
2014 թուականէն սկսեալ ստանցնած է Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Բաժանմունքի արեւմտահայերէն լեզուի զարգացման եւ դպրոցներու օժանդակութեան դերը: