Lala Miskarean

The basics

Quick Facts

isPhilologist
Work fieldSocial science
Birth6 April 1946
Age78 years
Star signAries
The details

Biography

Լալա Միսկարեան-Մինասեան, ծնած է 6 Ապրիլ 1946-ին Արճիս (Նոյեմբերեանի շրջան), գրող, հրապարակագիր, մանկավարժ, խմբագիր եւ դասախօս։

Կենսագրութիւն

Լալա Միսկարեան-Մինասեան ծնած է մանկավարժներու ընտանիքի մէջ. ինքզինք լոռեցի կը համարէ: Բարձրագոյն կրթութիւնը ստացած է Երեւանի Պետական Համալսարանի բանասիրական ճիւղէն: Համալսարանական տարիներուն կը հանդիպի ապագայ ամուսնուն` Բիւզանդ Մինասեանին, կ'ամուսնայ ու Երեւանի մէջ կ'ունենայ առջինեկը։ 1973-ին կը տեղափոխուին Հալէպ: Հալէպի մէջ ծնած է երկրորդ տղայ զաւակը:

Գործունէութիւն

Աշխատանքային գործունէութիւնը կը սկսի Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարանին մէջ. այդ Միսկարեան-Մինասեանին մանկավարժական գործունէութեան դարբնոցը կը դառնայ, ուր կ'աշխատի մինչեւ 60-ամեակը, որմէ ետք, 5 տարի եւս կը պահեն զինք:

Կ'աշխատի Մխիթարեան վարժարանին մէջ, 2011- 2014 թուականներուն կը դասաւանդէ Սարգիս Չեմպերճեան Կրթասիրաց վարժարանին մէջ, կարճ ժամանակով մը կ'աշխատի նաեւ Կիլիկեան ճեմարանին մէջ: Հիմնադրութեան օրէն ի վեր նաեւ Համազգայինի հայագիտական ամպիոնէն ներս կը դասախօսէ:

Երկեր

2007-ին լոյս կ'ընծայէ իր առաջին գիրքը՝ «Յոյսի Հորիզոններ»: Հատորը կը հրատարակուի Բերիոյ Հայոց Թեմի «Այգ» մատենաշարով, իսկ 20 նոյեմբեր 2007-ին, Հալէպի մէջ տեղի կ'ունենայ հատորին գինեձօնը։ Ապա, 2010-ին, լոյս կ'ընծայէ իր երկրորդ գիրքը՝ «Հող ու Երկինք» Բերիոյ Հայոց Թեմի «Այգ» մատենաշարով։

2016-ին Լա­լա Միս­կար­եան-Մի­նաս­եան կը հեղինակէ սուրիական պատերազմի առաջին օրերէն Սուրիոյ ու յատկապէս Հալէպի ցաւէն, տառապանքէն ծնունդ առած օրագրութիւնը, որ կը ներկայացնէ պատերազմի արհաւիրքը, «Սուր­ի­ա­կան Օրագ­րու­թիւն» խո­րագ­րով: Գիրքը, որ բաղկացած է 374 էջերէ, արժանանցած է «Գէ­որգ Մե­լի­տի­նե­ցի» գրա­կան մր­ցա­նա­կին եւ հրատարակուած է Մե­ծի Տանն Կի­լիկ­իոյ Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան տպարանը, Ան­թիլ­ի­աս, 2016-ին, խմբագրութեամբ` տոքթ. Ար­մե­նակ Տէր Եղ­իայ­եա­նի:

2017-ին լոյս կ'ընծայէ «Ծիրանի ոգիներ» պատմուածքներու հատորը, որ կը հրատարակուի Բերիոյ Հայոց Թեմի «Այգ» մատենաշարով:

Ծանօթագրութիւններ

The contents of this page are sourced from Wikipedia article on 28 Feb 2020. The contents are available under the CC BY-SA 4.0 license.