Irma Achemian

The basics

Quick Facts

PlacesFrance Turkey
wasWriter Poet
Work fieldLiterature
Gender
Female
Birth1938, Istanbul, Istanbul Province, Turkey
Death1990Paris, Grand Paris, France (aged 52 years)
Family
Children:Daron Acemoğlu
The details

Biography

Իրմա Աճէմեան (1938, Պոլիս, Թուրքիա - 1990, Փարիզ, Ֆրանսա), բանաստեղծ։

Կենսագրութիւն

Աւարտելէ ետք Էսաեան Վարժարանը, հետեւած է Պոլսոյ համալսարանի մանկավարժական եւ հոգեբանական ճիւղերուն։ Աշակերտական գրասեղաններու վրայ իսկ հակած է գրականութեան, քերթողական ու արձակ փորձերով։ Աշխատակցած է, հետզհետէ, օրուան թերթերուն եւ յատկապէս «Մարմարա» օրաթերթին՝ որուն կ՝ աշխատակցի նաեւ ներկայիս։ Իր գլխաւոր ասպարէզը եղած է սակայն ուսուցչական ու դաստիարակակչական մարզը։ 1966-1976 վարած է Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանի տնօրէնութիւնը։

Իրմա Աճէմեան՝ քերթողուհիի իր խօսքը չէ վերջացուցած տակաւին. 1975-ին իրմէ պոլսահայ գրականութեան փոխանցուած տաղերու փունջը սկիզբ մըն է անկասկած,- ա՛յս կ՛ըսեն այն հարիւր երեսունէ աւէլի քերթուածները՝ որոնք վկայութիւնը կը բերեն ամուր տաղանդի վաւերական ու մնայուն գործելու։

Հարիւր երեսունէ աւելի այն քերթուածները՝ որոնք մէկտեղուած են առաջին իր հաւաքածոյին մէջ, անմիջական մեր գրականութեան կը բերեն իրմէ դէպի աշխարհ բացուելու ընդունակ մտքի մը անժխտելի վկայութիւնը,- անձնական ապրումէն դէպի ենդհանրական զարկ ու բախում թեւթլու տրամադիր հոգիի մը ենտանի զգայութիւնը:

Ծանօթագրութիւններ


The contents of this page are sourced from Wikipedia article on 07 Jul 2024. The contents are available under the CC BY-SA 4.0 license.