Biography
Lists
Also Viewed
Quick Facts
Intro | Armenian writer | |
Places | Ottoman Empire | |
was | Writer Translator | |
Work field | Literature | |
Gender |
| |
Birth | 1911, Kahramanmaraş, Turkey | |
Death | 21 May 1986 (aged 75 years) | |
Residence | Aleppo, Syria; Ethiopia, Ethiopia; Marseille, France; Addis Ababa, Ethiopia |
Biography
Կարօ (Կարապետ) Փօլատեան (1911, Մարաշ — 21 Մայիս 1986(1986-05-21)), ֆրանսահայ գրող, վիպագիր, հայ գրականութեան զրուցագիր։
Կենսագրութիւն
Կարօ Փօլատեան ծնած է Մարաշ, զէյթունցի հօրմէ ու մօրմէ։ Կու գայ Կիլիկիայէն, Մարաշէն: Տակաւին մանուկ՝ անցած է Հայ Գողգոթայէն, հասնելու համար մինչեւ Տէր Զօր: Փրկուած է հրաշքով, ապաստանած է Սուրիա եւ 1921-1925 յաճախած է Հալէպի Հայկազեան վարժարանը: Եկրորդական ուսումը ստացած է նոյն քաղաքի Ֆրանսիսկեաններու գոլէճին մէջ եւ 1929-ին մեկնած է Ատիս-Ապապա (Եթովպիա)՝ իբրեւ ուսուցիչ։
1931-ին հաստատուած է Ֆրանսա՝ Մարսէյ, չորս տարի հետեւած է Երկրաչափական բարձրագոյն վարժարանին ու մինչեւ այսօր կ'ապրի հոն։
1963-71 Կարօ Փօլատեան դարձեալ կը մերկնի Եթովպիա, երկրորդ շրջանի մը համար, իբրեւ տնօրէն Ազգ. Գէորգոֆ վարժարանին։ Այնտեղ գոյութիւն ունէր 1200 հոգինոց փոքրաթիւ գաղութ մը ու դպրոցին աշակերտութիւնն ալ կը հաշուէր 150 երեխայ:
Եղած է առաջիններէն, որոնք բառին ամբողջակամ առումով սփիւռքեան մեր իրականութիւնը բերին սեւեռումի՝ 1946-ին հրատարակուած իր «Արեւելքի տղաքը» վէպով (1946, Փարիզ), ապա նաեւ «Կը Հրաժարիմ Հհայութենէ» (1949, երկուքն ալ վերատպուած են Պէյրութ, 1978), «Արծիւները Անապատին Մէջ» (1958, Փարիզի «Արաքս» տպարան, 540 էջ), «Վերադարձը», «Կրակէ Շապիկը» եւ «Լոյսերը» անուն վիպակներով, պատմուածքներով եւ պոէմներով։ Բանաստեղծական շնչերակը միշտ կենդանի է իր պատումին մէջ՝ վիպական կառոյց ունեցող ամէնէն առարկայական էջերուն իսկ տալու համար հաղորդականութիւն ջերմ ու ընտանի շունչ մը։
Ամբողջական իր գործը, վերոյիշեալ հատորներէն զատ, կ՛ընդգրկէ «Զրոյց» խորագրուած հատորներու շարք մը (Ա.-Դ.), ինչպէս նաեւ «Հայկ Սփիւռքը իր դերակատարներով» խորագրուած աշխատասիրութիւն մը՝ որոնց մէջ տեսակցութիւններու եւ կեանքի ու գործի պատկերացումներու ճամբով վերծանումի կը կոչուին հանրային, դէմքեր ու գործունէութիւններ, ձգտումներ եւ հոսանքներ։
Հրատարակելի իր գործերուն մաս կը կազմեն «Որդիք Որոտման» (վէպ), «Եօթը Պատմուածք» եւ «Զրոյց»ներու շարքին Ե. հատորը։
Մարսէյի հայութիւնը 1979-ին նշեց գրական քառասնամեայ իր գործունէութեան յոբելեանը։
Ծանօթագրութիւններ
Աղբիւրներ
- Մինաս Թէօլէօլեան, Դար մը գրականութիւն, հ. հատոր Բ. (Բ հրատարակութիւն), Հալէպ, '''հատորը նշուած չէ'''։